ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք գործարար եւ ճարտարապետ Տաւուտ Կիւլիւշթիւր յայտարարած է, թէ արդէն նախաձեռութիւններու դիմած են Վանի մէջ «Տիզնիլենտ» կառուցելու ուղղութեամբ։ «Էնսօնհապեր» կայքը լուրը կը հաղորդէ ««Տիզնիլենտ»ը Վան Կու Գայ» խորագիրով։
Կիւլիւշթիւր կոչ ըրած է Վանի եւ շրջանի այլ գործարարներուն, որպէսզի միանան ծրագիրին կամ բերեն իրենց զօրակցութիւնը։
Կիւլիւշթիւր, որ նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխանական թեկնածու է, համոզուած է որ յիշեալ ծրագիրի կեանքի կոչումով, Վան պիտի հրապուրէ ո՛չ միայն Թուրքիոյ արեւմուտքէն, այլ նաեւ Իրանէն, Յորդանանէն, Կովկասէն ու տարածաշրջանի այլ երկիրներէն միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.