Հանդիպման սկիզբը երկրի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն՝ 30 Մարտին Մարտակերտ քաղաքի բնակչուհի Դիանա Բաղրեանի սպանութեան բացայայտման համար:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են ուժային կառոյցներու աշխատանքներն ու անոնց միջեւ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահը յստակ յանձնարարականներ տուած է համապատասխան ոլորտներուն մէջ աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.