ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 7ին՝ Առողջութեան համաշխարհային օրը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Կեդրոնական բժշկական զինուորական հիւանդանոցին մէջ բացումը կատարուած է ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխանող բժշկական երկու մասնաշէնքերուն, ուր պիտի գործեն թռիչքային փորձաքննութեան, դիմածնօտային, ատամնաբուժական, ռազմադաշտային ապաքինման եւ շարք մը այլ բաժանմունքներ:
Շնորհաւորելով բժիշկները եւ որպէս մարտունակ բանակի կարեւորագոյն նախադրեալ ընդգծելով բժշկական ապահովման դերն ու նշանակութիւնը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ըսած է. «Հայկական զինուած ուժերում շարունակւում են լիարժէք ու որակեալ, նորագոյն ձեռքբերումների վրայ հիմնուած ռազմաբժշկական ծառայութեան կայացմանն ուղղուած աշխատանքները, ինչի արդիւնքներն ակնյայտ են»:
Հիւանդանոցի բժշկական նոր մասնաշէնքերու բացման արարողութեան աւարտին բարձրաստիճան զինուորականներու եւ «Զինուորական բժիշկների հայկական ասոցիացիա»ի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը շրջագայած է ամբողջովին նորոգուած, նոր գոյքով, թեքնիք միջոցներով եւ բժշկական սարքաւորումներով յագեցած շինութիւններուն մէջ, ծանօթացած կատարուած աշխատանքներուն: Կատարուելիքներուն կազմակերպման վերաբերեալ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը շարք մը ցուցումներ եւ յանձնարարականներ տուած է բժշկական անձնակազմին:
Առողջութեան համաշխարահին օրուան, Մայրութեան ու գեղեկցութեան տօնին առթիւ, ինչպէս նաեւ զինուորներուն բժշկական սպասարկման իմաստով ունեցած աւանդին համար նախարար Սէյրան Օհանեան շարք մը կին բժիշկ զինուորներու յանձնած է նուէրներ ու պատուոյ գիրեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.