ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».– Ուրբաթ, 4 Ապրիլ 2015ին Հայաստանի Կոտայքի մարզի Աղվերան շրջանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ի համագումարին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանէն հասած ուսուցիչներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:
Բացման նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Հայերէն ուիքիփետիա» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան: Ողջունելէ ետք մասնակիցները ան նշեց, որ միացեալ գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել Հայաստանի եւ Սփիւռքի կառոյցներու եւ անհատներու ներուժը: Ան անդրադարձաւ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ծրագիրի կարեւորութեան, որովհետեւ ըստ կարգ մը տուեալներու՝ արեւմտահայերէնը յայտնուած է մեռնող լեզուներու շարքին, իսկ «Ուիքիփետիա»ն այն հարթակն է, որ կարելիութիւն ունի լեզուն պահպանելու եւ զայն փրկելու կորուստէ:
Սուսաննա Մկրտչեան յայտնեց նաեւ, որ այս դասընթացքը առիթ պիտի տայ պատրաստելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ի համակարգողներ, որոնք իրենց կարգին պիտի շարունակեն աշխատանքը Լիբանանի մէջ:
Նիստին ներկայ եղան նաեւ «Արեւելահայերէն Ուիքփետիա»ի խմբագիրները, որոնք ներկայացուցին իրենց աշխատանքային փորձառութիւնը այս ծիրին մէջ:
Համագումարին ընթացքին մասնակիցները առիթ կ՛ունենան փորձառու «Ուիքի խմբագիրներէն եւ մասնագէտներէն» ծանօթանալու աշխատանքի սկզբունքներուն, սորվելու աշխատելաձեւը եւ հմտանալու «Ոիքի»իի աշխատանքի արհեստավարժութեան:
Նշենք, որ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ծրագիրը սկսած է 2014ին, «Գ. Կիւլպենկեան» հիմնարկի հովանաւորութեամբ եւ նպատակ ունի «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան» զարգացնել եւ օժտել որակաւոր յօդուածներով: Այս աշխատանքը յառաջ տանելու համար Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ պիտի կազմակերպուին ճամբարներ, որոնց պիտի մասնակցին նաեւ Լիբանանէն աշակերտներ եւ համակարգողներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.