Շէնքին կառուցումը սկսած էր 2010ին. անիկա կը գտնուի Մելիք Ադամեան փողոցին վրայ:
ՀԲԸՄի նորակառոյց շէնքը ունի շուրջ 1300 քառակուսի մեթր տարածք, որուն վրայ բարձրացած է հինգ յարկանի ժամանակակից շէնք՝ գրասենեկային բոլոր յարմարութիւններով, նիստերու դահլիճներով, ցուցասրահներով ու ստորգետնեայ կառատունով: Պատասխանատուներուն համաձայն՝ ժամանակակից շինարարական ճարտարագիտութեան կիրարկումով ու հին ճարտարապետութեան պատմամշակութային առանձնայատկութիւններու անխաթար պահպանման զուգորդութեամբ վերականգնուած է շէնքին նախկին կառոյցը: Նախագծային ու շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Երեւանի հին կեդրոնի մթնոլորտի պահպանման միտող յատուկ տարրերուն:
«Միութեան ղեկավարութեան համոզումով, Երեւանի կեդրոնը բացուած ՀԲԸՄի շէնքը կարելիութիւն պիտի տայ ընդարձակելու միութեան կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական տարաբնոյթ ծրագիրները՝ դառնալով հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման նոր օճախ», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Մարտ 27էն Ապրիլ 6 Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄի 88րդ ընդհանուր ժողովը, որուն ծիրին մէջ կազմակերպուած են քննարկումներ՝ «ՀԲԸՄ զրոյցներ» խորագիրով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.