Ըստ «Էրմենիահպեր»ի՝ գերմանական «Tagesspiegel» թերթը գրած է, որ ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ կուսակցութիւններուն միջեւ բուռն քննարկում սկսած է՝ բանաձեւի նախագիծին մէջ «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործման վերաբերեալ: Ըստ աղբիւրին, ընդդիմադիր Ձախերու եւ Կանաչներու կուսակցութիւնները կողմ են «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման, մինչդեռ իշխող կուսակցութեան եւ անոր դաշնակից խորհրդարանականները համաձայն չեն:
Իշխող Քրիստոնէական միութիւն եւ Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութիւններուն կողմէ անցեալ շաբաթ ներկայացուցած համատեղ նախագիծին վերնագիրին մէջ տեղ գտած է «ցեղասպանութիւն» բառը: Սակայն, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ խորհրդարանի կուսակցական խումբերու միջամտութեան պատճառով, եզրը հանուած է վերնագիրէն, սակայն պահուած է հիմնաւորման բաժինին մէջ:
Կը նշուի, որ տասը տարի առաջ եւս Գերմանիոյ խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւններու կողմէ նմանատիպ որոշում վաւերացուած է:
Գերմանական թերթին գնահատումով, Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ, «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործումը կրնայ դիտուիլ իբրեւ յարձակողական քայլ՝ Թուրքիոյ նկատմամբ, յատկապէս, երբ Թուրքիա «կարեւոր գործընկեր» կը նկատուի «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ:
Ապրիլ 21ին տեղի պիտի ունենայ քուէարկութիւն, որոշելու համար իշխող խմբակցութեան բանաձեւի վերջնական տարբերակը: Կը նախատեսուի, որ Ապրիլ 24ին, Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ կայանալիք քննարկման իշխանական եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ պիտի ներկայացուին բանաձեւի երեք տարբեր նախագիծեր, սակայն կրնայ ըլլալ նաեւ, որ մինչ այդ համաձայնութեան գալով, կուսակցութիւնները հանդէս գան մէկ նախագիծով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.