Նշենք, որ օրինագիծի քննարկումը Մարտ 26ին յետաձգուած էր, որովհետեւ որոշ պատգամաւորներ վերապահութիւններ ունէին, իսկ ուրիշներ փափաք յայտնած էին միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման ուղղուած օրինագիծ ընդունիլ:
Յիշեցնենք, որ Կիպրոսի խորհրդարանի օրինագիծը ներկայացուած էր բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն կողմէ: Անիկա պատիժներ կը սահմանէ ցեղասպանութիւնը, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները ուրացողներու դէմ:
Նշենք, որ նոյն օրը Կիպրոս կը գտնուէր ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Bravo Gibros, darose Fransayin. Kermanian chem garzer, vorovhedev inkn al masnakis e godorazin.