
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը յիշատակելու համար՝ Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի առաջին եւ ութերորդ դասարանցիները Մարտ 24ին 100 անմոռուկ ցանած են դպրոցի բակին մէջ:
Դպրոցի աշակերտական խորհուրդի նախագահ 13ամեայ Արա Եագուպեան նշած է, որ ութերորդ դասարանի աշակերտները ուզած են առաջին դասարանցիներուն մասնակից դարձնել ծաղիկներ ցանելու ծրագիրին, որպէսզի անոնք տարիներու ընթացքին կարենան հետեւիլ ծաղիկներու աճին:
Նկատի ունենալով, որ ութերորդ դասարանի աշակերտները կը պատրաստուէին Հայաստան մեկնելու, Եագուպեան յայտնած է, որ Հայաստան այցելած է փոքր տարիքին, սակայն կը յուսայ, որ այս տարուան այցը բոլորովին նոր փորձառութիւն պիտի ըլլայ՝ յատկապէս Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով:
Ծաղիկներ ցանելու արարողութեան մասնակցած է նաեւ դպրոցի տնօրէն Թալին Քարկոտորեան:
Նոյն օրը, «Շամլեան»ի խումբ մը ծնողներ աշակերտներուն յայտնած են, որ մօտաւորապէս 3000 մղոն պիտի կտրեն՝ վազելով եւ հեծանիւով, Լոս Անճելըսէն մայրաքաղաք Ուաշինկթըն հասնելու համար, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով:
Անոնք արշաւը պիտի սկսին Լոս Անճելըսէն՝ Ապրիլ 24ին եւ կը նախատեսուի մայրաքաղաք հասնիլ Մայիս 7ին: Ճամբուն վրայ, անոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու աշխարհի մէջ տեղի ունեցած այլ ցեղասպանութիւնները աւելի լայն զանգուածի ծանօթացնել պիտի ջանան: Արշաւի գաղափարը Միքայէլ Մարգարեանի մօտ յառաջացած է, ներշնչուելով Ցեղասպանութիւնը յիշատակելու համար ամէն տարի դպրոցին կազմակերպած քայլարշաւէն, երբ ծնողներն ու աշակերտները «Շամլեան»էն կ՛երթային Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Արշաւին մասին յաւելալ տեղեկութեանց համար այցելել www.la2dc.org կայքը։