Հանդիպումին ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած արարողութիւններուն. ԵԱՀԿի երեւանեան գրասենեակի ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ ԵԱՀԿի պատուիրակութիւնը բարձրագոյն մակարդակով պիտի մասնակցի Ապրիլ 2015ին Երեւանի մէջ կայանալիք ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն։
Վարչապետը արդիւնաւէտ նկատած է տարբեր ոլորտներու մէջ ԵԱՀԿի հետ համագործակցութիւնը եւ վերահաստատած Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու միացեալ ծրագիրներու իրականացումը։
Անտրէ Սորոքին շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին՝ միացեալ աշխատանքին տրուած բարձր գնահատականին համար ու կարեւոր նկատած թէ՛ Ազգային ժողովի նախագահին, եւ թէ վարչապետի պաշտօնին վրայ Յովիկ Աբրահամեանի ներդրումը երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են ԵԱՀԿի աջակցութեամբ իրականացուող «Կարգաւորիչ գիլեօտին» բարեփոխումներու ծրագիրին ընթացքը եւ հետագայ քայլերը: Ընդգծելով, որ ծրագիրը մեծապէս կը նպաստէ առեւտուրի սկսելու եւ զարգացնելու ընթացակարգերու, վարչարարութեան պարզեցման, Յովիկ Աբրահամեան կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿի երեւանեան գրասենեակի դերը այս ծրագիրը յաջողութեամբ իրականացնելու եւ աւարտին հասցնելու, ինչպէս նաեւ հետագային կարգաւորիչ ազդեցութեան գնահատման համակարգ ներդրելու իմաստով:
Իր հերթին, Անտրէ Սորոքին եւս բարձր գնահատած է ծրագիրը իրականացում՝ նշելով, որ անոր աւարտին քանի մը ամիս մնացած է կարեւորած է միջազգային առաջատար փորձագէտներու կողմէ Հայաստանի գերատեսչութիւններուն ներկայացուած առաջարկներու լիարժէք իրականացումը:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են նաեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ աշխուժացման վերաբերող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատած են թէ՛ ընթացիկ, եւ թէ հեռանկարային տարբեր ոլորտներու մէջ համատեղ ծրագիրները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.