Ողջունելով նիստի մասնակիցները՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նշած է, որ քննարկուող հարցերու ծիրը խիստ կարեւոր է եւ արդիական՝ նկատի առնելով տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական լարուած իրավիճակը: Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ խաթարելով բանակցային խաղաղ գործընթացը՝ «հակառակորդը դարձեալ գործի է դնում ռազմատենչ հռետորաբանութեան, սպառազինութիւնների մրցավազքի եւ կողմերի միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման մեխանիզմների մերժման քաղաքականութիւնը»: Այս առնչութեամբ ան հաստատած է. «Այս ամէնը մէկ անգամ եւս ռազմական ղեկավարութիւնից պահանջում է մշտական ուշադրութեան կենտրոնում պահել զինուած ուժերի կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրներն ու դրանց լուծման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները»:
Նիստին ընթացքին օրակարգային հարցերուն վերաբերող զեկոյցներով հանդէս եկած են Հայաստանի զինուած ուժերու գերագոյն ղեկավարման մարմինի վարչութեան պետ, զօր. Արտակ Դաւթեանը, վարչութիւններու պետեր, բանակային զօրամիաւորումներու հրամանատարներ: Ընդհանուր առմամբ արձանագրուած է, որ զինուած ուժերու կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան եւ գետնի վրայ պատրաստութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ զգալի աշխատանքներ տարուած են, առկայ է նկատելի յառաջընթաց, սակայն կան նաեւ որոշակի բացթողումներ, որոնց յաղթահարումը կը պահանջէ խիստ համակարգուած եւ հետեւողական աշխատանք: Բանախօսները անդրադարձած են նաեւ զինուորներուն գիտելիքներու եւ մասնագիտական ունակութիւններու կատարելագործման, մարտական հերթապահութեան մէջ ընդգրկուած անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման վերաբերող ամբողջական նախաձեռնութիւններուն, վերջին ժամանակաշրջանին կատարուած զօրավարժութիւններուն, հրամանատարական կազմի ղեկավարման մարմիններու մարզումներուն, գետնի վրայ եղած գործնական հաւաքներուն, դաշտային երթերու արդիւնքներուն եւ անոնց ծիրին մէջ ծագած հարցերուն։ Նշուած է, որ բարձր մակարդակով իրականացուած են ծրագրային բոլոր նախաձեռնութիւնները:
Ամփոփելով նիստին աշխատանքները եւ ընդհանրացնելով զեկոյցներուն մէջ ու անոնց վերաբերող քննարկումներուն ընթացքին հնչած փաստերը, հետեւութիւններն ու առաջարկներկ՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ուղենշած է հետագայ ծրագիրները եւ տուած է շարք մը յանձնարարականներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.