
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 19 Մարտին հակառակորդի յատուկ նշանակութեան խումբին դիմակայելու ժամանակ ծանրօրէն վիրաւորուած պաշտպանութեան բանակի զինուոր, 1995ի ծնունդ Սամուէլ Սասունի Յակոբեանը 28 Մարտին պիտի յուղարկուի զինուորական կարգով։ «Նի-ուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Արեւաբոյրի գիւղապետ Մարտին Աւետիսեանը:
Սամուէլ Յակոբեանը հողին պիտի յանձնեն հայրենի Արեւաբոյր համայնքի գերեմանատան մէջ: Զինուորին հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 27 Մարտին իր հօրենական տան մէջ:
Անոր տան դրացիները «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմած են, որ նահատակ զինուորը քիքպոքսինկի ախոյեան էր, տիրացած էր բազմաթիւ մրցանակներու եւ մետալներու։ «Ինքն էն երեխան էր, որ սիրուած էր բոլորի կողմից: Մարզիկ էր, շատ ընտիր երեխայ, յարգուած: Մեր հարեւան գիւղերում անգամ սգում են նրա մահը: Բոլորը նրան ճանաչում էին, բոլորը սուգի մէջ են: Նա հայրենասէր տղայ էր ու հայրենասէր ձեւով էլ ընկաւ: Մի պահ եկել էր հոսպիտալում բուժուելու, առողջական խնդիրներ ունէր, դեռ չբուժուած՝ էլի ուզում էր գնալ ծառայութեան, ասում էր՝ գնամ, ընկերներիս հասնեմ», ըսած է Ալբերտ Յովհաննիսեան՝ նշելով, որ երբ գիւղին մէջ դէպք մը պատահէր, Սամուէլ օգնութեան հասնող առաջին անձերէն կ՛ըլլար։
Սամուէլ տան աւագ որդին էր, մէկ քոյր ու եղբայր ունի: Եղբայրը եւս բանակին մէջ կը ծառայէ։ Դրացիները պատմած են, որ Սամուէլը հիւանդ մայր ունի, ընտանիքը հողագործութեամբ կը զբաղի: Մինչեւ բանակ զօրակոչուիլը, Սամուէլն ալ աշխատած ու օգնած էր ընտանիքին։
«17-18 տարեկան տղայ էր, աշխատում էր, որ բերեր, ծնողներին պահեր: Մայրն էլ հիւանդ կին է, հազիւ է հասցնում, հիւանդ տատիկ ունի, էդ երկու երեխու վրայ էր ընտանիքի յոյսը», դիտել տուած է Ալբերտ Յովհաննիսեան՝ հպարտութեամբ յիշելով ծառայութեան ընթացքին Սամուէլին գրած բանաստեղծութիւնը՝ ուղղուած մօրը. «Գրել էր՝ մամ ջան, չլացես, արտասուք չթափես, ես իմ հայրենիքի համար եմ ծառայում»։
Սամուէլ քանի մը ամիսէն պիտի զօրացրուէր, ան նպատակ ունէր իր սիրած մարզաձեւին մէջ մասնագիտանալու։