ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցները Սիւնիքի մարզի «Ագարակ» անցակէտին մէջ Իրանի քաղաքացիի մը մօտ յայտաբերած են մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչ:
Մեղրիի մաքսատան աշխատակիցներուն հետ կատարուած միացեալ ստուգման ընթացքին Իրանի քաղաքացիին ճամբորդական պայուսակին մէջ յայտնաբերուած է գաղտնարան, ուր դրուած է երկու քիլոկրամ բիւրեղային սպիտակ փոշի պարունակող չորս ծրար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.