ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 19 Մարտին հակառակորդի յատուկ նշանակութեան խումբին դիմակայելու ժամանակ ծանրօրէն վիրաւորուած պաշտպանութեան բանակի զինուոր Գոռ Դարմանեանի վիճակը կը շարունակէ շատ ծանր մնալ։ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայասռանի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցի պետ Արամ Ասատուրեանը:
«Գոռի վիճակի մէջ աննշան դրական դինամիկա կայ, սակայն վիճակը շարունակում է ծայրայեղ մնալ: Նա դեռ Ստեփանակերտի հոսպիտալում է: Երեւան կը տեղափոխուի, երբ վիճակը թոյլ կը տայ», դիտել տուած է ան։
Ան յայտնած է, որ Երեւանէն բժիշկներու մասնագիտական խումբ մը մեկնած է Արցախ, ուր անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը պիտի ցուցաբերեն զինուորին։
Նշենք, որ Գոռ Դարմանեանի ոտքը անդամահատուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.