ՊԵՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Մարտ 22ին, կէսօրէն ետք ժամը 4:30ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ Լոս Անճելըսէն դէպի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն (LA2DC) հեծելարշաւի մասնակիցները հաւաքուեցան Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Թրբանճեան» հրապարակը, ուր զանոնք ողջունեցին թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆը (Քալիֆորնիոյ 28րդ ընտրաշրջան):
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր օրհնութիւնները բաշխեց դէպի Ուաշինկթըն արշաւի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, ապա հեծելանիւի արշաւի մասնակիցները ներկայացուց քոնկրեսական Շիֆին, որ իր կարգին գնահատեց այս կարեւոր առաքելութիւնը՝ ջանք թափելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի սպաս:
Լոս Անճելըսէն դէպի Ուաշինկթըն Տի.Սի. հեծելարշաւի մասնակիցներուն նպատակն է նաեւ գիտակցութիւնը արթնցնել ներկայի ցեղասպանութիւններուն նկատմամբ՝ միաժամանակ շեշտելով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած շատ այլ ցեղասպանութիւններէն մէկն է, որ ցարդ գրեթէ անտեսուած է համայն աշխարհին կողմէ:
Սկսելով Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ ամեակի օրը, մարզիկները ճամբայ պիտի ելլեն Լոս Անճելըսէն՝ կոչ ուղղելով բոլոր ազգերուն վերջ տալու ցեղասպանութիւններուն՝ ճանչնալով անցեալի ցեղասպանութիւնները, որպէսզի առաջքը առնուի ապագայ ցեղասպանութեանց:
Արշաւը պիտի սկսի Լոս Անճելըսի «Miracle Mile» շրջանէն եւ պիտի աւարտի Մայիս 7ին, մայրաքաղաքի «National Cathedral» ժամանումով:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.la2dc.org կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.