Խորէն Յովհաննիսեանի 60ամեակին նուիրուած բարեկամական խաղին նախորդ օրը՝ 27 Մարտին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ֆութպոլի միջազգային աստղերը խօսած են իրենց տպաւորութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն մասին։
«Մեծ սիրով ընդունեցի հրաւէրը, որովհետեւ լաւ առիթ է հանդիպելու իմ ընկերներուս: Համոզուած եմ, որ վաղը լաւ շո պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ», յայտնած է փորթուկալցի Փաուլօ Ֆերերիրան:
«Պարշելոնա» խումբի նախկին ֆութպոլիստ, պուլկարացի Խրիստօ Սթոիչքով արդէն իսկ զգացած է, որ Հայաստանը «սիրտով» երկիր է:
«Հայերը այն ժողովուրդն են, որ կրնան որեւէ պահու քեզի օգնել։ Շատ լաւ կը զգամ Երեւանի մէջ», յայտնած է Սթոիչքով։
Երեւան կը գտնուի նաեւ չիլիցի, «Ռէալ Մատրիտ»ի նախկին ֆութպոլիստ Իւան Սամորանօ:
«Երկար ճամբայ կտրած եմ, բայց ուրախ եմ, որ Հայաստան կը գտնուիմ: Արդէն զգացած եմ, թէ հայերը որքան հիւրընկալ են: Կ՛ուզեմ աւելի լաւ ճանչնալ Հայաստանն ու հայերը: Ուրախ եմ, որ Երեւան կը գտնուիմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Խորէն Յովհաննիսեանի խաղին մասնակցելու հրաւէրին համար», յայտնած է Սամորանոն։
Ֆրանսայի հաւաքականի նախկին պաշտպան, «Ռոմա»ի նախկին ֆութպոլիստ Վենսան Քանտելայի համար շատ յստակ է, թէ հայերը որքան կը սիրեն ֆութպոլը։ «Մամլոյ ասուլիսի սրահին մարդաշատ ըլլալը կ՛ապացուցէ, թէ հայերը որքան կը սիրեն ֆութպոլը», նշած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.