ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հեռատեսիլով, մամուլով, պաստառներով, քարոզչական ամէն միջոցներով համայնքիս մէջ գործող բոլոր մեծ կառոյցներու ղեկավարներուն անձնական հանդիպումներով, համայնքիս հայ հանրութիւնը իրազեկ կը պահուի Արդարութեան քայլարշաւի մանրամասնութիւններուն, բայց մանաւանդ՝ անոր յաջողութեան կարեւորութեան մասին:
Հարիւր հազարի թիրախը պէտք է դիւրաւ ապահովել, կը մտածեն շատեր: Այո՛, եթէ նկատի ունենանք, որ քայլարշաւին մասնակցելով՝ իւրաքանչիւրս մեր նուազագոյն պարտաւորութիւնն է որ կը կատարէ մեր նահատակներուն հանդէպ, եթէ նկատի առնենք, որ ազգովին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը կը փորձենք անկիւնադարձային տարի դարձնել՝ պահանջատիրական պայքարի թափը սաստկացնելով, ապա պէ՛տք է հանգիստ միտքով սպասել, որ հարիւր հազարէն իսկ աւելի հայորդիներով պիտի յորդի Փոքրիկ Հայաստանէն դէպի թրքական հիւպատոսարան տանող ճամբան:
Մենք վստահ ենք, որ այդ պատկերը իրական պիտի դառնայ Ապրիլ 24ին: Վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր լոսանճելըսցի, ինչու չէ նաեւ՝ այլ հեռաւոր շրջաններէ հայորդիներ, պատիւի հարց պիտի դարձնեն այս ծրագիրին գերյաջողութիւն ապահովելը: Այսուհանդերձ, ոչ ոք կ՛ուզէ պատահականութեան թողուլ աշխատանքները, ուստի համակարգուած ճիգեր կը տարուին յաջողութիւնը՝ նուազագոյն հարիւր հազարի մասնակցութիւնը, երաշխաւորելու համար:
Ի միջի այլոց, միութենական պատասխանատուի հանգամանքը պարտադիր չէ՝ այս գործի յաջողութեան համար աշխատելու: Իւրաքանչիւրս իր շրջապատին մէջ պիտի քարոզէ, պիտի համոզէ։