ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Լէոնիտ Թիպիլով Մարտ 19ին յայտարարած է. «Ռուսիոյ միանալու գաղափարը կայ մեր ժողովուրդին մօտ. մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որ ատիկա իրականանայ, սակայն այսօր այդ հարցը օրակարգի վրայ դրուած չէ»։
Յիշեցնենք, որ երկու երկիրներու ղեկավարները Մարտ 18ին համագործակցութեան եւ համարկման մասին համաձայնագիր ստորագրած էին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.