Աքթար կը յիշեցնէ, թէ հայերը շատ յուսախաբ եղան, երբ Կալիփոլիի ճակատամարտէն ետք հայերու տեղահանութիւնն ու սպանդը կատարուեցաւ։ Այդ շրջանի իթթիհատականները կ՛ըսէին, որ «ճիշդ է հայերը մեռան, բայց մենք ալ մեռանք»։ Այս «մենք ալ մեռանք»ին դէմ լաւագոյն պատասխանը եկած էր այդ շրջանի Գոզանի երեսփոխան Մատթէոս Նալպանտեանէն, որ ըսած էր. «Այո՛, թուրքերն ալ մեռան, հայերն ալ մեռան, բայց երկուքին մեռնելու տեսակին մէջ տարբերութիւն կայ։ Թուրքերը պատերազմի ընթացքին կռուելով մեռան, փառաւոր նահատակութեան արժանացան, մինչդեռ հայերը ստորին կերպով ու անփառունակ մահով մեռան։ Թուրքերը կրնան հպարտանալ իրենց մահով, հայերը հպարտանալու ոչինչ ունին այդ մահուան մէջ»։
Աքթար, որ երկար հրատարակութիւն ըրած է Կալիփոլիի ճակատամարտի մասնակից հայ սպայ Սարգիս Թորոսեանի մասին, կը յիշեցնէ, թէ մեծ թիւով հայեր մասնակցած էին մարտին, եւ հարց կու տայ. «Ինչո՞ւ անոնց անունները չեն յիշուիր», ապա ի՛նք կը պատասխանէ. «Որովհետեւ սպայակոյտի նախագահութիւնը այս մասին ժուժկալ տեղեկութիւն կու տայ, թղթածրարները կը պահէ, արխիւները մասնակի կերպով ցոյց կու տայ»։
Աքթարի վերլուծումներուն ամէնէն կարեւորը այն է, որ եթէ Կալիփոլիի ճակատամարտը թուրքերու յաղթանակով չաւարտէր, ապա Հայկական Ցեղասպանութիւնը տեղի պիտի չունենար։
Ան դիտել կու տայ, որ վերջին տարիներուն ընթացքին շատ բան փոխուած է Թուրքիոյ մէջ. այս Ապրիլ 24ին եւս հազարաւոր թուրք մտաւորականներ Թաքսիմի մէջ պիտի հաւաքուին՝ իբրեւ բողոք։ «Մեծ փոփոխութիւն կայ, եւ ասոր մէջ Հրանդ Տինքի սպանութիւնն ալ իր դերը ունեցաւ», կը նշէ ան, սակայն մօտիկ ապագային յատկանշական փոփոխութիւնը մը տեսնելու հաւանականութեամբ յուսալից չէ ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.