– Ամերիկացի 74 ծերակուտականներ (39՝ դեմոկրատ, 33՝ հանրապետական, 2՝ անկախ) նամակով մը դիմած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիին, կոչ ընելով անոր, որ յաւելեալ քայլերու դիմէ՝ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։
– Թուրքիոյ մէջ վերջին 10 տարիներուն «ահաբեկիչներ»ու դէմ պայքարին զոհ գացած զինուորներու թիւը 818 է, մինչ անձնասպանութիւն գործածներու թիւը՝ 934: Նաեւ, վերջին 2.5 տարուան ընթացքին, 29 ենթասպայ անձնասպան եղած է, մինչ 2012ին այդ թիւը 6 էր։
– Իրանեան Նոր տարուան (Նոռուզ) առիթով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Մարտ 20ին Իրանին կոչ ուղղած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու «պատմական առիթը» լաւապէս օգտագործելու, միաժամանակ՝ յորդորելով Թեհրանը, որ ազատ արձակէ Իրանի մէջ բանտարկուած երեք ամերիկացի քաղաքացիները եւ համագործակցի 8 տարի առաջ անհետացած այլ ամերիկացիի մը բացայայտման ջանքերուն։
– Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Սուրիոյ տագնապը «Թուրքիոյ ուժը տկարացնելու եւ Թուրքիոյ դիրքին վնաս հասցնելու միջազգային փորձեր»ուն մէկ մասնիկն է՝ նշելով, թէ «կարգ մը շրջանակներ Թուրքիոյ զարգացումը չեն ուզեր»:
– Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ընտանիքներէ ներս յանցագործութիւններու առկայութիւնը մօտաւորապէս 40 անգամ կը բազմապատկէ երեխաներու մօտ անձնասպանութեան վտանգը։ Ալքոլամոլութեան, թմրամոլութեան եւ ծխախոտէն կախուածութեան պարագային, այդ աճը յաջորդաբար 9, 6 եւ 3 անգամով կը բազմապատկուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.