«Եւրամիութեան յանձնառութեան վկայութիւնը պիտի ըլլայ յաւակնոտ այն համաձայնագիրը, որուն շուրջ իսկապէս մտադիր ենք բանակցիլ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ համագործակցութեան ծիրին մէջ կայանալիք քննարկումներուն նպատակն է պարզել, թէ ի՛նչ կարելի է ընել, ինչ բան կը համընկնի երկու կողմերուն շահերուն։
Հան նաեւ նշած է, որ ԵՄը կ՛ողջունէ շարժունակութեան գործընկերութեան իրագործման ուղղութեամբ Հայաստանի ձեռք բերած դրական յառաջընթացը, նաեւ կատարուող բարեփոխումները: «Երեւանը յանձնառու է ընթանալու այս դրական ուղիով: Հայաստան կրնայ ակնկալել ԵՄի հետագայ օժանդակութիւնը վիզաներու դիւրացման, քաղաքական եւ ընկերային բարեփոխումներու խորացման հարցերուն մէջ, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան բարելաւման բնագաւառին մէջ», դիտել տուած է ԵՄ յանձնակատարը՝ շեշտելով, որ 2015-2017 թուականին Հայաստանի Եւրամիութեան աջակցութիւնը պիտի կազմէ 140-170 միլիոն եուրօ, որ պիտի տրամադրուի մասնաւոր հատուածի զարգացման, արդարադատութեան ոլորտին, պետական կառավարման համակարգի բարեփոխումներուն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ դիտել տուած է, որ Թուրքիան խնդիրներ կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման համար: «Միանշանակ պաշտպանելով Ադրբեջանի ապակառուցողական մօտեցումը՝ Թուրքիան փորձում է խցկուել կամ միջամտել միջազգային մանդատ ունեցող եռանախագահների ջանքերին: Կ՛ասէի, որ եթէ Թուրքիան ցանկանում է օգնել հիմնախնդրի կարգաւորմանը, ապա պէտք է հնարաւորութեան սահմաններում հեռու մնայ այդ գործընթացից», նշած է նախարար Նալբանդեան։
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը խօսելով Հայաստանի մասին, ըսած է, որ ան վատ յարաբերութիւններ ունի բոլոր դրացիներուն հետ։ Մեւլութ Չաւուշօղլուն այդ առչութեամբ «խորհուրդներ» տուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին:
«Երբ Թուրքիան խօսում է այլ երկրի մասին եւ մատնանշում հարեւանների հետ խնդիրը, տպաւորութիւն է ստեղծւում, որ Թուրքիան իր մասին է խօսում: «Զրօ խնդիր հարեւանների հետ» գաղափարախօսութիւնը, որ առկայ է Թուրքիայի թէ ներքին, թէ արտաքին քաղաքականութիւնում, հարեւանների հետ ունեցած խնդիրների վկայութիւնն է: Եւ խորհուրդներ տալուց առաջ եւ այդպիսի մեծամտութիւն ունենալուց առաջ պէտք է մտածել, որ մի գուցէ ինքդ ունես նման խորհրդի կարիք», դիտել տուած է Նալբանդեան՝ աւելցնելով, որ ասիկա կը յիշեցնէ Լաֆոնթենի առակը. «Մէկը հայելու մէջ է նայում եւ ասում. «Այ եթէ ես մի փոքր անգամ նման լինէի նրան, ում տեսնում եմ այս հայելու մէջ, ապա կը մահանայի թախծից», եզրափակեց նախարարը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.