ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ Ճեմիլ Չիչեք հանդիպում մը ունեցած է Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էլմար Պրոքի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ. այս մասին գրած է «Ակօս»ը՝ աւելցնելով, որ քննուած է նաեւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ուղղուած Եւրոխորհրդարանի վերջին կոչը:
Չիչեք, պնդելով, որ խորհրդարանները պէտք չէ իրենք զիրենք դատարաններու տեղ դնեն՝ ըսած է. «Մենք 1915ի իրադարձութիւններուն բազմակողմանի բացայայտումը ամենաշատ փափաքող երկիրն ենք: Սակայն ատիկա ոչ թէ խորհրդարաններու պարտականութիւնն է, այլ՝ պատմաբաններու: Նման որոշումներ կայացնելով՝ խաղաղութեան հաստատման չեք նպաստեր»:
Պրոք նաեւ նշած է, որ այդ հարցը Եւրոխորհրդարանին համար քաղաքական հարց չէ միայն, այլ՝ խիղճի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.