ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մարմիններուն կողմէ ձեռնարկուած հետախուզական քայլերուն իբրեւ արդիւնք կաշառակերութեան պարագաներ բացայայտուած են։
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ «այս տարուայ Փետրուարի վերջին, Հայաստանի ֆինանսների նախարարութեան Հրազդանի տարածքային հարկային տեսչութեան ընթացիկ հսկողութեան բաժնի պետ Գէորգ Կոստանեանը, 17 միլիոն դրամի չափով հարկային պարտաւորութիւններն անտեսելու եւ չարձանագրելու դիմաց Հրազդանի հարկային տեսչութիւնում հաշուառուած երկու անհատ ձեռներէցների անունից տնտեսական գործունէութիւն իրականացնող, Հրազդան քաղաքի բնակիչ, գործարար Ռ.Ա.ից, Հայաստանի ֆինանսների նախարարութեան Էրեբունու հարկային տեսչութեան ընթացիկ հսկողութեան բաժնի աւագ տեսուչ Աղուան Գալստեանի միջնորդութեամբ, պահանջել եւ ստացել է մէկ միլիոն դրամ եւ 2000 ԱՄՆ դոլար գումար»:
Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 311րդ յօդուածի յատկանիշներով ԱԱԾ քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ:
Գէորգ Կոստանեան եւ Աղուան Գալստեան ձերբակալուած են: Կը կատարուի նախաքննութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.