ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, 15 Մարտին, ՀՅԴ Երեւանի Աջափնեակի կոմիտէի, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի միացեալ նախաձեռնութեամբ Աջափնեակ համայնքին մէջ գտնուող Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին առջեւ տեղի ունեցաւ հայ վրիժառուին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւն: Մասնակիցները ծաղկեպսակ զետեղեցին Թեհլիրեանի կիսանդրիին առջեւ:
Այնուհետեւ ներկաներուն օրուան խորհուրդը ներկայացուց ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի անդամ, պատմաբան Խաչատուր Ստեփանեան: Վերջինս նշեց, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ «Նեմեսիս»ի միւս մասնակիցներուն գործը հայ ժողովուրդի վրէժի, ցասումի, արդարութիւնը վերականգնելու կամքի դրսեւորումն էր: Իսկ Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակի յաւերժացումը մեր պահանջատիրութեան մարմնաւորումն է:
Ձեռնարկի աւարտին երիտասարդները հայրենասիրական երգերով յարգեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ անոր զինակից ու գաղափարակից ընկերներուն յիշատակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.