ԷՆՍԻՆՕ.- Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկը կազմակերպուած է ՀՅԴ «Ռոստոմ», ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեանց եւ Պոլսահայ միութեան կողմէ։ Ձեռնարկին իրենց գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերեն շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբերը, ՀՕՄի «Անահիտ» եւ «Մեղրի» մասնաճիւղերը, ՀՄԸՄի «Մասիս» եւ «æաւախք» մասնաճիւղերը, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը՝ ղեկավարութեամբ Քաթրին Հայրապետեանի, նաեւ՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, Նորթ Հոլիվուտի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին եւ Ֆերահեան Ազգային վարժարանը։
Պահանջատիրութեան այս ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 22 Մարտ 2015ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։ Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը ծրագրած է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի Ապրիլեան յուշարձանին շուրջ հոգեհանգստեան արարողութեամբ մը սկսիլ հարիւրամեակի ոգեկոչումը, որմէ ետք, ներկաները պիտի առաջնորդուին Աւետիսեան սրահ։
Հարիւրամեակի ձեռնակին, քաղաքական ներկայացուցիչներու ներկայացումէն ետք, իրաւաբան Կարօ Ղազարեան խօսք պիտի առնէ՝ «Յիշէ՛ մեր անցեալը եւ պահանջէ՛ ապագան» թեմայով։ Կարօ Ղազարեան Արեւմտեան Ամերիկայի Հարիւրամեակի յանձնախումբի համաատենապետն է. ան նախապէս եղած է Armenian Bar Association-ի ատենապետը, ինչպէս նաեւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ։ Իրաւաբան Ղազարեան Լոս Անճելըսի Peoples College of Law-ի դասախօս է, ինչպէս նաեւ՝ անդամ Էնսինոյի մէջ հաստատուած իրաւաբանական գրասենեակի մը. ան իր աշխատանքները գլխաւորաբար կեդրոնացուցած է քրէական հարցերու վրայ, ըլլան անոնք նահանգային կամ դաշնակցային մակարդակի։
Կարօ Ղազարեան նաեւ անդամ է National Association of Criminal Defense Lawyers, The Armenian Center for National and International Studies կազմակերպութեանց եւ վարչական պաշտօն ստանձնած է Mexican-American Bar Association Political Action Committee-ի մէջ։ Իբրեւ հիւր՝ ան ելոյթ ունեցած է CNN, Fox TV եւ Al Jazerea պատկերասփիւռի կայաններու զանազան յայտագիրներէն, ինչպէս նաեւ դասախօսած է զանազան համալսարաններու եւ կառավարական հաստատութիւններու մէջ։
Կազմակերպիչ յանձնախումբը կ՛ակնկալէ, որ շրջանի հայութիւնը իր մասնակցութեամբ ոչ միայն զօրակցի, այլեւ որպէս գործօն մէկ մասնիկը համայն հայութեան՝ կեցուածք ճշդէ «Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ» կարգախօսով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.