ՆՈՐԹՐԻՃ.- Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու Լոս Անճելըսի եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու առաջնորդներու ժողովը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Մարտ 10ի յետմիջօրէին, ղըպտիներու Ս. Աստուածածին եւ Ս. Աթանասիոս եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ ղըպտի համայնքի առաջնորդ Սրապիոն եպիսկոպոսին:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ ժողովին, ընկերակցութեամբ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի:
Միացեալ աղօթքով բացումը կատարելէ ետք, ժողովականները կարեւորութեամբ կանգ առին Միջին Արեւելքի ծանրակշիռ զարգացումներուն վրայ. հիւր ժողովականները այս առիթով անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեցին Սրապիոն եպիսկոպոսին ու համայնքի զաւակներուն, Լիպիոյ մէջ, անցեալ ամիս 21 ղըպտի քրիստոնեաներու նահատակութեան առիթով: Ինչպէս ծանօթ է, 21 զոհերը, մերժելով հաւատափոխ ըլլալ, սպաննուած էին իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ: Ղըպտի եկեղեցին զանոնք սրբադասեց Փետրուարի վերջերուն:
Ժողովականները օրակարգի վրայ ունէին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ այդ առիթով նախատեսուած միջեկեղեցական արարողութիւններ եւ ոգեկոչման ձեռնարկներ:
Նշենք, որ ասորի համայնքը եւս այս տարի կը նշէ օսմանեան պետութեան կողմէ իր զաւակներուն դէմ գործադրուած ջարդերուն 100րդ տարեդարձը:
Առաջնորդներու ժողովը քննարկեց նաեւ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքներն ու զանոնք շարունակելու գործնական միջոցները: Անոնց շարքին էին հոգեւորականներու միջեւ գործակցական ծրագիրները, միջերիտասարդական ժողովները, կիրակնօրեայ վարժարաններու միացեալ ծրագիրները եւ այլ ծրագիրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.