Նաեւ, Կլենտէյլի եւ Լա Քրեսենթայի Հայ Դատի յանձնախումբերը որոշած են ընդդիմանալ «Measure E» առաջադրութեան, որուն նպատակն է քաղաքի սահմանադրութիւնը փոխել, որպէսզի այսուհետեւ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամները ընտրուին ոչ թէ ամբողջ քաղաքին մէջ, այլ յատուկ ընտրատարածքներու մէջ կայանալիք ընտրութիւններով, իսկ այդ ընտրատարածքներու սահմաններուն ճշդումին մէջ քաղաքացիները ներդրում պիտի չկարենան ունենալ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Հայ Դատի յանձնախումբերը համաձայն են վարչութեան անդամները յատուկ ընտրատարածքներու մէջ կայանալիք քուէարկութիւններով ընտրելու գաղափարին, անոնք կը շեշտեն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու նպատակով՝ ընտրատարածքներու սահմանագծում կատարելու կարեւորութիւնը, որուն համար քաղաքացիներու ներդրումը կենսական է. այս մասին կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեանը։
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ Կլենտէյլի եւ Լա Քրեսենթայի Հայ Դատի յանձնախումբերը մնացեալ երկու առաջադրութեանց կապակցութեամբ հետեւեալ յանձնարարութիւնները կատարած էին.
– «Այո» քուէարկել «Measure D» առաջադրութեան, որուն նպատակն է քաղաքի սահմանադրութիւնը բարեփոխել, որպէսզի Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն ընթացքին թեկնածուները ընտրուին շրջանային ընտրութեան դրութեամբ՝ պայմանաւ, որ ընտրատարածքները վաւերացուին քաղաքացիներուն կողմէ։
– «Այո» քուէարկել «Measure O» առաջադրութեան, որուն նպատակն է քաղաքին մէջ ժամանակաւոր բնակողներուն վրայ պարտադրուող տուրքը 2 տոկոսով բարձրացնել, ինչ որ հանրային սպասարկութեանց համար յաւելեալ եկամուտ պիտի ապահովէ՝ խթան մը հանդիսանալով տեղական տնտեսութեան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց համակարգող Տիգրանա Զաքարեանին՝ Tigranna@ANCAGlendale.org հասցէով կամ (818) 243-3444 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.