ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս շատ խօսուեցաւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի, նախագահ Հաքան Ֆիտանի մասին։ Ասիկա սովորական երեւոյթ մը չէր, որովհետեւ հանրապետութեան պատմութեան տասնամեակներուն ընթացքին քաղաքական բարձր շրջանակներու վրայ ընդունուած չէր խօսիլ ՄԻԹի նախագահի մը մասին, սակայն իր պաշտօնէն հրաժարելու եւ երեսփոխանական թեկնածու ներկայանալու Ֆիտանի որոշումը զինք դրած էր լուսարձակներու տակ։
Այս զարգացումին դէմ ելաւ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ յստակ կերպով անհանգստութիւն յայտնեց ու ըսաւ, որ ինք կողմնակից չէր, որ Ֆիտան հրաժարէր այդ կարեւոր պաշտօնէն, որովհետեւ երեսփոխաններ շատ կային, բայց ՄԻԹի նախագահութեան արժանիներ՝ քիչ։ Կար նաեւ այն իրողութիւնը, որ Ֆիտան շատ բան գիտէր, որպէս պետական գաղտնիք, ու այսքան կարեւոր տեղեկութիւններու տէր անձ մը մտահոգիչ էր այլ քաղաքագէտներու համար։
Մարտ 9ին, անակնկալ նոր զարգացում մը արձանագրուեցաւ, երբ Ֆիտան ետ քաշեց երեսփոխանական իր թեկնածութիւնը։ Ըսուեցաւ, որ այս քայլը առնելէ առաջ, ան գաղտնի հանդիպում մը ունեցած էր Էրտողանի հետ։ Նաեւ, կառավարութեան խօսնակ Պիւլենտ Արընչ ըսաւ, որ Ֆիտան պիտի վերադառնար ՄԻԹի նախագահութեան պաշտօնին։
Յատկանշական է նաեւ այն, որ Մարտ 9ի նախարարաց խորհուրդը իր ժողովը գումարեց Էրտողանի նախագահութեամբ։ Նախարարաց խորհուրդը ընդհանրապէս ժողով կը գումարէ վարչապետի նախագահութեան ներքեւ։
Ֆիտանի վերադարձով դարձեալ իրականացած էր Էրտողանի փափաքն ու յանձնարարութիւնը։ Ոմանք պնդեցին, թէ այսպիսի աղմուկէ մը ետք, այլեւս կարելի չէ Ֆիտանը վերադարձնել ՄԻԹի նախագահութեան պաշտօնին։ Այս կարծիքը յառաջ քշողներէն մէկն էր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ծանր հրետանիներէն Հալուք Քոչ, որ պնդեց, թէ օրինաւոր չէ Ֆիտանը պահել այս պաշտօնին վրայ։ Այս մասին երբ իր կարծիքը հարցուեցաւ, Արընչ ըսաւ. «Քոչը շատ կը խօսի, բայց՝ պարապ կը խօսի»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.