ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի կրօնական եւ փոքրամասնութիւններու հարցերով խորհրդական Ալի Եունուսի յայտարարեց, որ Թեհրան շրջանի ժողովուրդներուն շահերը կը պաշտպանէ իսլամական հաւատադրժողութեան, նոր օսմանականութեան, ուահապականութեան, Արեւմուտքի եւ սիոնականութեան տիրապետութեանց վտանգներէն:
Ռոհանիի խորհրդականը ինքնութեան հարցերու շուրջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Թեհրան աշխարհի ծննդոցէն ի վեր եղած է կայսրութիւն, եւ Իրանին իշխած ղեկավարները միշտ ալ միջազգային մտածողութեամբ կը մտածէին: Այս յայտարարութիւնը չի նշանակեր, որ Իրան կ՛ուզէ դարձեալ աշխարհին տիրել, սակայն պէտք է մեր դիրքն ու պատմութիւնը ճանչնանք»:
«Իրաքը ոչ միայն մեր քաղաքակրթական ազդեցութեան գօտիին մաս կը կազմէ, այլ նաեւ՝ ինքնութեան եւ մշակոյթին. անիկա մեզի համար կեդրոն ու մայրաքաղաք է՝ այսօր եւ երէկ, որովհետեւ Իրանի եւ Իրաքի աշխարհագրութիւնն ու մշակոյթը կարելի չէ մասնատել, ուստի՝ կա՛մ կը համաձայնինք, կա՛մ կը կռուինք», ըսաւ Եունուսի եւ աւելցուց. «Իրան Իրաքը պաշտպանեց ծայրայեղականներէն»:
Ռոհանիի խորհրդականը նշեց նաեւ, որ «Իրանի պատմական մրցակիցները այս իրողութենէն անհանգստացած են, սակայն անոնց մտավախութիւնը անտեղի է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.