ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 22 Փետրուար 2015ը Մեծ Պահքի երկրորդ՝ Արտաքսման Կիրակին էր. անիկա եղաւ յիշարժան օր մը Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար։ Արդարեւ, ընդառաջելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան հրաւէրին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. պատարագին, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ նախագահեց Հայ Օգնութեան Միութեան ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներուն համար կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին: Ս. պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու յարակից մարմիններու անդամները, հիւրեր եւ ծխական համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդը:
Ս. պատարագի աւարտին, նախքան հոգեհանգստեան արարողութիւնը, Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, յանուն Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան եւ համայն ծխական համայնքի հաւատացեալներուն, ջերմօրէն ողջունեց առաջնորդի օրհնաբեր այցելութիւնը՝ ցանկալով քաջառողջութիւն եւ անսպառ եռանդ:
Սրբազան հայրը նախ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Մեծ Պահքի Կիրակիներուն, անոնցմէ իւրաքանչիւրի իմաստին եւ հոգեւոր պատգամին: Ապա կանգ առաւ Արտաքսման Կիրակիին վրայ՝ մէջբերելով օրուան օրհնութեան շարականի իմաստալից տողերը, որոնք լաւագոյնս կը բնութագրեն օրուան խորհուրդը: Ան ըսաւ, որ եթէ անցեալ Կիրակին վերյիշումն էր մեր նախահօր եւ նախամօր դրախտային ուրախ եւ երջանիկ կեանքին, ապա, Մեծ Պահոց երկրորդ Կիրակին յիշատակն է անհնազանդութեան հետեւանքով դրախտի երանաւէտ կեանքէն անոնց արտաքսումին, մարդոց դառն կեանքին եւ մահուան դատապարտուելուն:
Ապա առաջնորդը փոխանցեց իր սրտի խօսքը ՀՕՄի ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու յիշատակին՝ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած եւ խնդրելով, որ մեր ազգի ու հայրենիքի ծառայութեան դաշտերուն մէջ գործած եւ ննջած նուիրեալ ՀՕՄուհիներու հոգիները արժանացնէ յաւիտենական հանգիստի:
Ս. պատարագի աւարտին, սրբազան հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ապա, ներկաները մասնակից դարձան եկեղեցւոյս տիկնանց մարմինին սիրոյ սեղանին ու իրենց տեղերը գրաւեցին «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ունկնդրելու համար առաջնորդ հօր դասախօսութիւնը:
Օրուան հանդիսավարը՝ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիգրան Տէր Սարգիսեան, բարի գալուստ մաղթելով բոլորին՝ բեմ հրաւիրեց ջութակահար Օֆելիա Նանագուլեանն ու դաշնակահարուհի Շուշան Յակոբեանը: Անմահն Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառ»ին ու «Կռունկ»ին սքանչելի մեկնաբանումը արուեստագիտուհիներուն կողմէ նախերգանքն էր օրուան դասախօսութեան:
Ապա հանդիսավարը, Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման հարցին մասին հաւաստի տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով, բեմ հրաւիրեց սրբադասման յանձնախումբի անդամ, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը: Սրբազան հայրը նախ գնահատական խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ դաստիարակչական յանձնախումբին՝ իրենց կազմակերպած օգտաշատ դասախօսական ձեռնարկներուն համար, որոնք հանդիսականներուն մօտ միշտ գտած են դրական արձագանգ: Ապա շարունակեց՝ ըսելով, որ դժուար է պատկերացնել ապրող ու գործող եկեղեցի մը առանց վկաներու եւ սուրբերու: Սրբազան հայրը կարճ բացատրական ընթերցումով մը ցոյց տուաւ, որ սրբադասման հարցը, ազգային եւ եկեղեցական տեսանկիւններէն դիտուած՝ դարձած էր հրամայական: Ապրիլեան նահատակներու սրբադասման անհրաժեշտութիւնը հասունացած էր: 25 տարիներ առաջ, Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց եւ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետներուն միացեալ հաղորդագրութեամբ սկսած էր սրբադասման գործընթացը: Ապրիլեան նահատակներու շարականը այն ժամանակ գրուած եւ պատրաստուած էր հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւուրեանի կողմէ:
Ապա սրբազան հայրը ընթերցեց այդ շարականի ոգեշունչ համարները՝ նուիրուած վասն քրիստոնէական հաւատքի, հայկական ինքնութեան պահպանութեան եւ մեր հոգեւոր ու մշակութային անմահ գանձերու պահպանութեան համար իրենց արիւնը թափած անմեղ նահատակներուն:
Սրբադասման յանձնախումբը, երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, որդեգրեց մեր նահատակները հաւաքական սրբադասութեան արժանացնելու որոշումը, այնպէս, ինչպէս անցեալին կատարուած է Վարդանանց զօրավարաց եւ 1036 վկաներու հաւաքական սրբադասումը: Յանձնախումբը նաեւ մշակեց այս մասին հռչակագիրը, վկայաբանութիւնն ու արարողակարգը, որոնք ներկայացուեցան Եպիսկոպոսաց ժողովին եւ որդեգրուեցան անոր կողմէ: Որդեգրուեցաւ նաեւ երանաշնորհ Զարեհ սրբազանին կողմէ մշակուած շարականը: Այս որոշումներուն հիմամբ է որ յառաջիկայ Ապրիլ 23ին պիտի կատարուի Նահատակներու հաւաքական սրբադասումը:
Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ մեր եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասման համար անհրաժեշտ նկատուող հիմնական պայմաններուն: Այսպէս, սուրբերու կարգին դասուելու համար, նկատի կ՛առնուին անձին սրբակեցութիւնը, քրիստոնէական առաքինութեանց մարմնաւորումը իր անձին վրայ ու Սուրբ Հոգիի ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ, անձին հաւատքի խոստովանութիւնն ու նահատակութիւնը, անոր կենդանութեան ընթացքին հրաշքներու առկայութիւնը, յետ նահատակութեան նշխարներու անապակութիւնը, մասունքներու անուշաբուրումը եւ համապատասխան հրաշագործութիւն, եւ տակաւին՝ քրիստոնէական հաւատքի տարածման, եկեղեցւոյ պաշտպանութեան, ուղղափառ դաւանանքի պաշտպանութեան եւ Աստուծոյ խօսքի քարոզչութեան համար անձին կողմէ ցուցաբերուած վկայութիւնն ու նպաստը:
Խօսելով պատմական վկայութիւններու մասին՝ առաջնորդը յայտնեց, թէ կան անձեր ժողովուրդին կողմէ սուրբ նկատուած են՝ իրենց կենդանութեան ընթացքին կատարած հրաշագործութիւններուն համար: Կարգ մը սուրբերու նշխարները գտնուած են յետագայ սերունդներու կողմէ, Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ: Վերջապէս, կարգ մը նահատակներ կաթողիկոսներու կողմէ սուրբ հռչակուած են կամ անոնց յիշատակին իբրեւ տօնական օրեր սահմանուած են:
Առաջնորդ ապա ընդգծեց, որ մենք երբե՛ք չենք պաշտեր սուրբերը, այլ խորին յարգանքով եւ սիրով կը դիմենք անոնց բարեխօսութեան: Սուրբերուն համար հոգեհանգիստ չի կատարուիր, այլ՝ Ս. պատարագի պահուն յիշատակում:
Յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր սրբադասման աշխատանքները՝ Եպիսկոպոսաց ժողովի թելադրութեամբ:
Դասախօսութեան աւարտին, առաջնորդը սպառիչ կերպով պատասխանեց ունկնդիրները յուզող բոլոր հարցումներուն: Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով: Ներկաները հրաժեշտ տուին՝ իրենց հետ տանելով օրուան գեղեցիկ յուշերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Srbatsnelov tegh chenk hasni!