ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի աշակերտները մասնակցեցան «Նեշընըլ Ճիոկրաֆի Պի»ի զարգացման մրցումին։ 4-8րդ դասարաններու աշակերտները պատասխանեցին աշխարհագրական տեղեկութեանց մասին բերանացի հարցումներու, եւ 7րդ դասարանէն Նաթալի Ստեփանեան յաղթական հռչակուեցաւ։
Իր յաղթանակին շնորհիւ, ան ամբողջացուց կազմակերպութեան գրաւոր քննութիւնը, եւ եթէ անոր արդիւնքով ան հանդիսանայ շրջանի աշակերտներու առաջին 100ի շարքին, ապա Նաթալի պիտի կարենայ մասնակցիլ նահանգային մակարդակի մրցումին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.