
Երեքշաբթի, Մարտ 3ի երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ «Արմէն՛Լիվր»ի գիրքերու 10րդ տօնավաճառին: Այս տարուան պատուոյ հիւրերն են Ալֆորվիլի յաջորդական երեք քաղաքապետները՝ Ժոզէֆ Ֆրանչեսքի (հանգուցեալ), Ռընէ Ռուքէ եւ Լիւք Քարվունաս, որոնք աւելի քան յիսուն տարի վարած են Ալֆորվիլի քաղաքապետական պաշտօնը:
Ներկայ էին Նորվան արք. Զաքարեան, պատուելի Ռընէ Լեւոնեան, Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ: Բացման խօսքերը արտասանեցին Յասմիկ Գեւոնեան եւ Արշալոյս Սարգիսեան, որոնցմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ պատմաբան Ծովինար Գեւոնեան, որ պատուոյ հիւրերուն գործունէութեան մասին արտայայտուեցաւ: Խօսք առին նաեւ Լ. Քարվունաս եւ Ռ. Ռուքէ: Այնուհետեւ, կարդացուեցաւ նամակը Անահիտ Տէր Մինասեանի, որ անցեալ ինը տարիներուն ընթացքին հանդիսացած է «Արմէն՛Լիվր»ի «կնքամայրը»:
Այս տարուան գիրքերու տօնավաճառը Դեկտեմբեր ամիսէն տեղափոխուեցաւ Մարտ ամիս, յատուկ կերպով նշելու համար 100ամեակը Ցեղասպանութեան զոհերուն: Ալֆորվիլի Pole Culturel-ի հսկայ սրահը յատկացուած է շուրջ 6000 գիրքերու, նաեւ ցուցահանդէսի մը՝ նկարիչ Ժան-Փիեռ Սէֆէրեանի «Անապատ» խորագիրով փորագրութիւններուն: Կը ցուցադրուին նաեւ 1915 Ապրիլ 24ի նահատակ գրող-մտաւորականներու լուսանկարներ, որոնք Հրանդ Տինք հիմնարկին կողմէ տրամադրուած են Հայ մշակոյթի տան:
Նշենք, որ այս տարուան տօնավաճառին առթիւ, տեղի պիտի ունենան մշակութային կարգ մը ձեռնարկներ, ինչպէս՝ Մարտ 4ին «Նայիրի» հնգեակի համերգը, Աննա Մայիլեանի մասնակցութեամբ: Շաբաթ, Մարտ 7ին տեղի պիտի ունենայ նաեւ դասախօսութիւն-վիճարկում մը, մասնակցութեամբ Արա Գրիգորեանի եւ Ծովինար Գեւոնեանի: Իսկ Կիրակի օր, մանուկներուն կը ներկայացուի Անահիտ Սարգիսեանի «Ծալլապատիկ» բեմական հանդիսութիւնը: