Երեքշաբթի, 3 Մարտի առաւօտեան, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք՝ նշելու 3 Մարտ 1930ին հիմնուած Հայ Ճեմարանի 85ամեակը:
Դպրոցի զանազան բաժիններէն խումբ մը աշակերտներ խօսք առին եւ անդրադարձան Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան այդ օրերուն երկրորդական վարժարան մը հիմնելու ծրագիրի կարեւորութեան, Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի առաքելութեան եւ անոնց ճիգերուն ու նուիրումին շնորհիւ կերտուած Հայ Ճեմարանի պատմութեան: Անոնք նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին Ճեմարանը՝ սկսելով Քանթարի թաղին մէջ վարձուած երկյարկանի շէնքէն եւ հասնելով մինչեւ Ծաղկաձորի դպրոցական այժմու համալիրը, յիշելով Ճեմարանի մեծ բարերարները եւ տնօրէնները՝ Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան, Սիմոն Վրացեան, Հրաչ Տասնապետեան եւ այժմ՝ Տիգրան Ճինպաշեան:
Աշակերտները իրենց խօսքը փակեցին՝ ըսելով. «Բարի տարեդարձ Ճեմարան. դեռ շատ երկար տարիներ ապրիս ու նոր սերունդներ լուսաւորես»: Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ նախ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ տարեշրջանի մը սովորական վերամուտի ամսուան չի զուգադիպիր Ճեմարանի առաջին օրը. երբ 85 տարիներ առաջ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներ տուն-տեղ չունէին, այդ պայմաններուն մէջ հրատապ հարց էր դպրոց հիմնել եւ այդ սերունդին կրթութիւնն ու հայեցի դաստիարակութիւնը ապահովել: Կարելի չէր սպասել. այդ պատճառով, տարեշրջանի կիսուն, վարձու շէնքի մը մէջ կը բացուի Ճեմարանը՝ 15 աշակերտներով:
Տնօրէնը ըսաւ, որ այդ 15 աշակերտները այսօր եղած են 700, աղքատութեան ու խեղճութեան մէջէն սկսած Ճեմարանը ծնունդ տուած է այնպիսի դէմքերու, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ կրթական, ազգային թէ հասարակական կեանքին մէջ:
Տիգրան Ճինպաշեան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Այսօր 85 տարեկան՝ ծերացած, բայց տակաւին առոյգ ու կայտառ Ճեմարանին տարեդարձը կը նշենք: Այսօրուընէ կը սկսի բազմազան ձեռնարկներով լեցուն յոբելենական տարին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 3 Մարտ 2016»:
Աշակերտական հաւաքը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով՝ ջութակի ընկերակցութեամբ երեք աշակերտներու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.