«Սամուէլ Բաբայեանի դերի վերջնական յստակեցումից յետոյ, ի հարկէ, տեղի է ունենալու ոչ թէ ընդդիմադիր դաշտի կոնսոլիդացիա, այլ Արցախում ստեղծուած իրավիճակից դժգոհ բոլոր մարդկանց կոնսոլիդացիա, որովհետեւ Սամուէլ Բաբայեանը շատ մեծ հեղինակութիւն ունի Արցախում: Մարդիկ չափազանց ոգեւորուած են, եւ մտածում են, որ Սամուէլ Բաբայեանը հէնց այն մարդն է, որը կարող է համախմբել, որը կարող է մինչեւ վերջ պայքարել ժողովրդի իրաւունքների համար եւ տէր կանգնել ստացած քուէին», յայտնած է Գրիգորեան:
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչը համոզուած է, որ այս ընտրութիւնները Ղարաբաղի պատմութեան մէջ ամէնէն հետաքրքրական ու ամէնէն մրցակցայինը պիտի ըլլան։
Գրիգորեանի համաձայն՝ «Ազգային վերածնունդ»ը որոշած է մասնակցիլ գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որպէսզի զրկէ իշխանութիւնը քաղաքական մենաշնորհէն. ան նշած է, որ՝ «այս տարիների ընթացքում իշխանութիւնները միաբեւեռ են դարձրել քաղաքական ու տնտեսական դաշտը»:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ իրենց կարելիութիւնները, այն պարագային, երբ, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն, քաղաքական դաշտը միաբեւեռ է ու տնտեսական ու ֆինանսական պաշարները իշխանութեան ձեռքն են՝ Գրիգորեան ըսած է. «Եթէ մենք կարողանանք բոլոր ընտրատեղամասերում թէկուզ մէկ վստահուած անձ եւ մէկ դիտորդ ունենանք, ապա իշխանութիւնների խնդիրը շատ դժուար է լինելու եւ, ի հարկէ, մենք բաւականին մեծ ակնկալիքներ ունենք այս ընտրութիւններից եւ մտածում ենք, որ յաջողութեան ենք հասնելու»։
Ներկայիս խորհրդարանին մէջ ներկայացուած են չորս խմբակցութիւններ՝ չորսն ալ իշխանական։ Անկախ պատգամաւորները երկուք են՝ ՀՅԴ համամասնական ցանկով ընտրուած Վահան Բադասեանը եւ Վիտալի Բալասանեանը:
Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ կ՛ողջունէ ընդդիմադիրներուն աշխուժութիւնը։ «Հէնց այն պահն է, երբ ընդդիմադիր դաշտը պէտք է աւելի ակտիւ լինի: Ամէն մէկն էլ զբաղուած է իր գործով եւ իշխանական թեւի քաղաքական կուսակցութիւնների համար չի կարող դա յատուկ խնդիր լինել, թէ ինչո՞վ է զբաղուած այսօր ընդդիմադիր դաշտը կամ քաղաքական նոր ուժերը, որոնք նոր են յայտնւում քաղաքական դաշտում, ինչքանո՞վ են կարողանում իրենց ակտիւութիւնը տեղաւորել նախընտրական արշաւների ժամանակ»։
Աշոտ Ղուլեան դժուարացած է կանխատեսելու, թէ մրցակցութեան առումով այս ընտրութիւնները ինչպէս պիտի ըլլան՝ համոզում յայտնելով, որ թեկնածուներու պակաս պիտի չըլլայ։
«Արցախում գրանցուած քաղաքական կուսակցութիւններն անպայման իրենց մասնակցութիւնը բերելու են ու այս անգամ, ի հարկէ, որակի առումով էլ պէտք է տարբերուի, որովհետեւ ամէն մի ընտրութիւն ժողովրդավարական ինստիտուտների ներգրաւուման առանձնայատկութիւններ էլ է ունենում», յայտնած է Ղուլեան:
Անդրադառնալով յառաջիկայ քաղաքական ընտրողներու ներգրաւուածութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի խօսնակը նշած է, թէ Ղարաբաղի մէջ իսկական խնդիրներու շարքին ներքաղաքական հարցերը առաջնային չեն, մարդիկ յատկապէս հետաքրքրուած ու մտահոգ են սահմանին վրայ տիրող իրավիճակով։
«Առաջիկայ օրերին պատգամաւորական թեկնածուների եւ կուսակցութիւնների կողմից համամասնական ընտրացուցակների առաջադրում է լինելու: Պէտք է այնպէս անել, որ այդ պրոցեսները, իսկապէս նաեւ քարոզչական իմաստով, հասարակութեան ուշադրութիւնը թեքեն դէպի խորհրդարանական ընտրութիւններ», դիտել տուած է Ղուլեան:
Յաջորդ Երկուշաբթի՝ 9 Մարտէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պիտի սկսին կուսակցութիւններուն կողմէ համամասնական ընտրացուցակներու եւ մեծամասնական ընտրակարգով պատգամաւորի թեկնածուներու առաջադրումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.