ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թի.24» պատկերասփիւռի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիրներէն եւ կուսակցութեան նախկին փոխնախագահ Տենկիր Ֆըրաթ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող Քրտական բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանը կրնայ ազատ արձակուիլ:
Ան պնդած է, որ Օճալան կալանքի տակ պահելու անհրաժեշտութիւն չկայ, որովհետեւ վերջինս բռնութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ կ՛արտայայտուի:
«Օճալան այժմ բռնութեան բոլոր տեսակներուն դէմ կեցուածք կ՛արտայայտէ եւ իր զինեալներուն կոչ կ՛ընէ զէնքերը վար դնելու», նշած է Ֆըրաթ:
Ան յայտնած է, որ քիւրտերուն հետ խաղաղութեան հաստատումը պիտի ըլլայ Օճալանի ազատ արձակման միջոցով՝ բերելով Հարաւային Ափրիկէի օրինակը: «Մանտելան ալ այդպիսի հոլովոյթի մը ընթացքին ազատ չարձակուեցա՞ւ», հարց տուած է թուրք գործիչը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.