ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Հիւրրիյէթ».- Թուրքիոյ Բանուրական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան նախկին անդամ, նախկին փոխվարչապետ Ապտուլլաթիֆ Շեներ եւ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն նախկին երեսփոխան Պիրկիւլ Այման Կիւլեր, Մարտ 3ին հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Ասատ յայտնեց, որ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պետութիւններուն միջեւ իսկական յարաբերութիւնները կը կառուցեն ժողովուրդները եւ ոչ թէ կառավարութիւնները, որոնցմէ մէկ քանին կրնայ սուտի վրայ հիմնուած ըլլալ եւ քանդիչ քաղաքականութիւններ որդեգրել. բան մը, զոր Էրտողան կը կատարէ՝ աջակցելով ծայրայեղական ուժերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.