ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմսի յայտարարեց. «Թիքրիթին վերատիրանալու համար իրաքեան ուժերուն աջակցութեան մէջ Իրանի դերակատարութիւնը դրական պիտի ըլլայ, եթէ իրաքեան ուժերը Թիքրիթ քաղաքը «Իսլամական պետութեան» ահաբեկչական խմբաւորումէն ազատագրելէ ետք՝ զայն առանց յարանուանական լարուածութիւններու վերադարձնեն անոր բնակչութեան»:
Տեմսի նաեւ նշեց, որ Իրաքի մէջ «իրանեան միջամտութիւնը այժմ աւելի յստակ է, քան էր 2004ին» ու աւելցուց. «Թիքրիթի գործողութեան մասնակից ուժերուն մէկ երրորդը իրաքեան բանակի 5րդ խումբէն է, իսկ մնացեալ երկու երրորդը՝ Ժողովրդային զօրախմբումի ուժերէն»:
Միւս կողմէ, քաղաքական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մուսուլը «Իսլամական պետութիւ»էն փրկելուն մէջ Թուրքիոյ մասնակցութեան մասին Նինուէի նահանգապետի խօսքին նպատակը՝ «խմբաւորման դէմ պատերազմին մէջ շիի եւ սիւննի ուժերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն» ստեղծելն է: Աղբիւրները կը նշեն, որ սիւննի արաբները կը փորձեն ստեղծել Իրանի աջակցութիւնը վայելող Ժողովրդային զօրախմբումին նման զօրախումբ մը, որ աջակցութիւնը վայելէ Թուրքիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն, որպէսզի «Իսլամական պետութեան» դէմ պատերազմին մէջ հաւասարակշռութիւն ստեղծուի:
Աղբիւրները նաեւ կը նշեն, որ Թուրքիան եւ Ծոցի երկիրները կը մերժեն Նինուէ նահանգի (ուր կը գտնուի Մուսուլը) ազատագրման գործողութեան՝ Ժողովրդային զօրախմբումի մասնակցութիւնը, ուստի Թուրքիան սիւննի զինեալները զինելու ճամբով, այդ հարցին մէջ ազդու դերակատարութիւն կը փորձէ ունենալ: Իրաքեան կարգ մը շրջանակներ կը մերժեն Նինուէի ազատագրման մէջ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը, որովհետեւ վերջինս, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչական տարրերուն տրամադրուած ուղղակի աջակցութեամբ մեղսակից է ստեղծուած կացութեան:
Իր կարգին, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ յայտնած է. «Հայտար Ապատիի գլխաւորած Իրաքի կառավարութիւնը կը ներկայացնէ բոլոր իրաքցիները, եւ մենք պատրաստ ենք անոր անհրաժեշտ աջակցութիւն տրամադրելու»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.