
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն». Աշխատանքային այցելութեամբ Երուսաղէմ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 5 Մարտին այցելած է Իսրայէլի նախագահ Ռովեն Ռիվլինի:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Իսրայէլի նախագահը, կարեւոր նկատելով նախարար Նալբանդեանի այցելութիւնը, վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ անիկա պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Նախագահ Ռիվլին եւ նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած են քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, ինչ որ, ըստ անոնց, կարելիութիւն պիտի տայ ընդարձակել համագործակցութիւնը նաեւ այլ բանագաւառներու մէջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու միացեալ պատասխանատուութիւնը՝ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վերաբերեալ։