ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ
(1906-1944)
Հայ բանաստեղծ եւ Բ. Աշխարհամարտի ֆրանսական Դիմադրական շարժման գործիչ Միսաք Մանուշեան ծնած է Ատիյաման (Արեւմտեան Հայաստան) 1906ին: Ծնողները կը զոհուին Մեծ Եղեռնի օրերուն: Հրաշքով փրկուած Միսաքն ու եղբայրը կը հասնին Սուրիա: 1920ական թուականներու սկիզբը կ՛ապաստանի Լիբանանի հայկական որբանոցը, ուր կը ստանայ իր կրթութիւնը: 1925ին կը տեղափոխուի Ֆրանսա: 1932ին Ա. Սեմայի հետ լոյս կ՛ընծայէ «æանք» գրական-գեղարուեստական հանդէսը:
Ֆրանսայի համայնավար կուսակցութեան անդամ կը դառնայ 1933ին: Շուտով կը դառնայ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
1935-37 կը խմբագրէ «Զանգու» շաբաթաթերթը: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ (1939-1945) կը մասնակցի գերմանական ուժերուն դէմ ֆրանսական դիմադրական զինեալ պայքարին: 1943ի Մարտին կը նշանակուի «Սթալինկրատ» ջոկատի հրամանատար, իսկ նոյն տարուան Մայիսին՝ կը նշանակուի Փարիզի ու Փարիզի շրջանի հայդուկային ջոկատներու հրամանատար:
1943ի Նոյեմբեր 16ին մատնութեան պատճառով կը ձերբակալուի եւ երեք ամիս անց, Փետրուար 21ին կը գնդակահարուի իր 22 մարտական ընկերներուն հետ:
1946ին (յետ մահու) Փարիզի մէջ լոյս տեսաւ իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ վերահրատարակուած է Երեւանի մէջ՝ «Իմ Երգը» (1956) խորագիրով: Պարգեւատրուած է Ֆրանսայի «Պատուոյ լեգէոն» պետական բարձրագոյն շքանշանով (յետ մահու): Մանուշեանի անունով փողոցներ կան Փարիզի, Մարսէյի, եւ Առնուվիլի մէջ, ինչպէս նաեւ իր անունով դպրոցներ՝ Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ:
«Հիմա կը մեռնիմ ընկերներուս հետ՝ արիաբար եւ մարդու մը գիտակցութեամբ, որուն խիղճը հանգիստ է, քանզի ոչ ոքի չարիք չեմ պատճառած: Ես կամաւոր մտած եմ Ազատագրական բանակի շարքերը եւ կը մեռնիմ յաղթանակի շեմին». մահապատիժէն առաջ Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակի տողերէն՝ ուղղուած իր կնոջ եւ մարտական գործակից Մելինէ Մանուշեանի: