Սաթենիկ Պատուական-Թուֆանեան կը ներկայացնէ Փօլ Հանրի Պորտոյի 262 էջերէ բաղկացած «Տրապիզոնի Անմահը» գիրքը, որուն նախաբանը գրած է Թալին Տէր Մինասեանը:
«Հերոսական ալիքը, որ ոտքի կանգնեցուց մեր Կովկասը… Անդրանիկ, Դրօ, Համազասպ, Քեռի… Վան, հերոսական քաղաքը… երիտասարդ՝ 20ամեայ Փօլ Հանրի Պորտօ ինչպէ՞ս այսքան ճշգրիտ տեղեկութիւններ ունեցաւ 1915ի տարիներու Օսմանեան կայսրութեան եւ Կովկասի մասին: Ան հազիւ 18 տարեկան էր, երբ իր գրող եւ ակադեմական հօր՝ Հանրի Պորտոյի հետ կը մեկնի ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Մերձաւոր Արեւելք: Այս ճամբորդութիւնը մեծապէս կը տպաւորէ զինք: Ան այդտեղ կը ծանօթանայ Անթառամին, որուն վրայ հիմնուած է Պորտոյի վէպի հերոսի տիպարը, որուն կենսագրութոան ներկայացումը առիթ կը ծառայէ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող իրադարձութեանց եւ անկախ Հայաստանի կազմութեան ներկայացման», գրուած է նախաբանին մէջ:
Վէպը առաջին հերթին իբրեւ թերթօն կը հրատարակուի «Լը Ֆիկարօ»ի մէջ, ապա 1930ին կը հրատարակուի «Ալպան Միշել»ի կողմէ:
Իսկ թէ վէպը ինչո՞ւ այսօր կը վերահրատարակուի: Պատմաբան Թալին Տէր Մինասեան նախաբանին մէջ հարկ եղած բացատրութիւնը կու տայ. «Հեղինակին անձնական արխիւները (օրինակի համար նամակները) աչքէ անցընելը վէպի ծննդոցին մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ: Կ՛իմանանք, որ Փօլ Հանրի Պորտօ ծանօթ էր Արշակ Չոպանեանին, որ անոր տրամադրած է Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վերաբերեալ իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը»:
Թալին Տէր Մինասեան կ՛ընդգծէ նաեւ պատմական արժէքը այս լաւապէս փաստագրուած վէպին, որ այնքան հարուստ է, որ շարք մը նիւթեր, զորս կը կարծենք այսօր կը յայտնաբերենք, ինչպէս իսլամացուած հայերը, արդէն արծարծուած են այս վէպին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.