ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ՎԵՆԹՈՒՐԱ, Քալիֆորնիա.- Երեքշաբթի, Փետրուար 10ին, կ.ա. ժամը 9ին, Վենթուրայի գաւառային ոստիկանութեան (Sheriff) կեդրոնատեղիին մէջ, ոստիկաններու նոր պաշտօններու տուչութեան պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, գաւառի շերիֆ Ճէօֆ Տին գնդապետի պաշտօն տուաւ Կարօ Գիւրէճեանին։ Կարօ դարձաւ առաջին հայ երիտասարդը, որ շրջանին մէջ կը հասնէր ոստիկանական այս բարձր աստիճանին:
Հանդիսութեան ներկայ էին շրջանի բարձրաստիճան ոստիկանապետներ, պետական դէմքեր, նահանգային պաշտօնատարեր, պարգեւատրեալ ոստիկաններու ծնողներն ու հարազատները եւ հարիւրաւոր հիւրեր ու ներկաներ:
Կարօ Գիւրէճեան ծնած է 1970ին, Թրիփոլի (Լիբանան): Ան երրորդ զաւակն է Օննիկ եւ Անահիտ Ջաղացպանեան-Գիւրէճեաններուն: Հօրը ցաւալի մահէն ետք (Լիբանանեան ներքին պատերազմի զոհ՝ դիպուկահարի մը փամփուշտէն), մօրը եւ երկու եղբայրներուն հետ՝ Յակոբ-Ճեքին եւ Րաֆֆիին, 1975ին կը հաստատուի Միշիկըն նահանգի Ալբինա գիւղաքաղաքը: Նախնական ուսումը ստանալէն ետք, 1987ին կը հաստատուի Քալիֆորնիա եւ բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ UCLA-ի մէջ, որմէ 1993ին տնտեսագիտութեան պսակաւոր գիտութեան վկայական կը ստանայ:
Հետեւելով իր վաղամեռիկ եղբօր՝ Յակոբ-Ճեքի, քայլերուն եւ անոր բարի ու կամեցող օրինակին (ան եղած է Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկան եւ 2001ին զոհ գացած ոճրագործի մը անարգ փամփուշտին), ինք եւս կ՛ուզէ դառնալ գաւառային ոստիկան, սակայն՝ Վենթուրա գաւառին մէջ:
1994ին կ՛անդամակցի սոյն գաւառի ոստիկանական շարքերուն՝ հետեւելով անոնց դասընթացքներուն: Մինչեւ գնդապետի աստիճանի ստանալը, ան այս գաւառէն ներս կը ստանձնէ զանազան պաշտօններ՝ բանտայինէն մինչեւ երթեւեկութիւն, ապա՝ շրջանի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի աշխատանքներուն, Վենթուրա, Մուրփարք եւ Թաուզընտ Օքս քաղաքներէն ներս: Այսպէս, շնորհիւ իր հմտութեան, անկեղծութեան, ծառայասիրութեան, պարկեշտութեան եւ աշխատասիրութեան, Կարօ Գիւրէճեան 2002ին կը դառնայ Վենթուրայի գաւառի շերիֆի տեղակալ, իսկ 2010ին՝ «սարճըն»չ (sergeant) եւ ապա՝ գնդապետ (captain)։
Շերիֆ Տինի համաձայն՝ Կարօ Գիւրէճեան պարտաճանաչ, խղճամիտ եւ օրինակելի ոստիկաններէն մէկն է ամբողջ բաժինէն ներս, եւ ինք շատ հպարտ է նման հայ ու նուիրեալ երիտասարդի մը ներկայութիւնը վայելելու իր ղեկավարած ոստիկանական հսկայ զօրաբաժինէն ներս:
Ջերմապէս կը շնորհաւորենք մեր երիտասարդ գնդապետը, աւելի բարձր պաշտօններու հասնելու մեր բարեմաղթութիւններուն կողքին: