ՊԵՐԼԻՆ.- WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ յաղթական դուրս եկաւ անգլիացի բռնցքամարտիկ Փօլ Սմիթի դէմ իր ունեցած մենամարտէն եւ պահպանեց աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը:
12 հանգրուան տեւած սոյն մենամարտի մրցավարներուն որոշումով, միաւորներու բացարձակ առաւելութեամբ յաղթական հռչակուեցաւ Արթուր Աբրահամը, որ այսպիսով տօնեց իր 42րդ յաղթանակը:
Արթուր Աբրահամ (Աւետիք Աբրահամեան) ծնած է 1980ին, Երեւան: Ան 2004էն ի վեր կը բնակի Պերլին: Հայոց բանակին մէջ ծառայած բռնցքամարտիկը Հայաստանի զինուած ուժերու «Անդրանիկ Օզանեան» շքանշանին արժանացած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.