Մեր մտահոգութիւնը փարատելու կու գան հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներ, որոնք դեռ կառչած կը մնան ասմունքի ժանրին եւ կը լիացնեն ու կը բաւարարեն այս հաճոյքը ըմբոշխնել ցանկացողները:
Ահա՛ այս օրերուն, Լոս Անճելըսի հայկական գաղութի հիւրն է քանատաբնակ հալէպահայուհի, ասմունքող Շուշանիկ Մելքոնեանը:
Շրջանաւարտ Հալէպի ԼՆԳԿ վարժարանէն, ապա՝ Հալէպի համալսարանի Անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան բաժանմունքէն, Շուշանիկ մեծ երախտագիտութեամբ կը յիշէ արուեստի հանդէպ իր սէրը քաջալերող եւ անոր գաղտնիքները բացայայտող հալէպահայ վաստակաշատ բեմադրիչ Գրիգոր Քէլէշեանը:
Յատուկ հրաւէրով Շուշանիկ իր առաջին մենաելոյթը կ՛ունենայ «Մելգոնեան» հաստատութեան մէջ, Կիպրոս: Շուշանիկին դաշնամուրով կ՛ընկերանար մայէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանը:
Շուշանիկ իր արուեստը զարգացնելու համար կը մեկնի Հայաստան, ուր կը կատարելագործուի ասմունքի վարպետ Սուսաննա Գաբրիէլեանի շունչին ներքոյ. իր առաջին ելոյթը կը կայանայ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: Յաջորդ ելոյթը տեղի կ՛ունենայ Երեւանի Կամերային երաժշտութեան տան մէջ եւ անոր հասոյթը կը յատկացուի Արցախի յուշարձաններու վերակառուցման:
Արուեստագիտուհին երրորդ պաշտօնական ելոյթի մը կը հրաւիրուի Աւետիք Իսահակեանի գրադարան:
Վերադառնալով Հալէպ, հովանաւորութեամբ երեք հայ համայնքներուն՝ Շուշանիկ կու տայ իր ելոյթը Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժին առթիւ:
1993էն ետք, Շուշանիկ ընտանեօք կը հաստատուի Մոնթրէալ: Ան իր ասմունքը դրօշ դարձուցած՝ կը ծածանէ տարբեր երկիրներու հայկական բեմերուն վրայ, տարածելով հայ լեզուն եւ հայ խօսքը:
Այժմ մեզի հետ է Շուշանիկ Մելքոնեանը, որուն գրական համադրումները՝ երաժշտական ընկերակցութիւններով, առիթ պիտի ունենանք ունկնդրելու Փետրուար 24, 2015ի երեկոյեան ժամը 8ին, ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի տեղական վարչութեան կազմակերպած «Վերապրողներու Տօնակատարութիւն» ելոյթներու շարքի ծիրէն ներս:
(Թղթակցութիւնը՝ Վարչութենէն)