Աւելի քան 50 համակիրներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ իրականացած այս յաջող հաւաքը տեղի ունեցաւ Կրանատա Հիլզ գտնուող Հայ կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահին մէջ։
Ձեռնարկին բացումը կատարելով՝ Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան յայտարարեց, թէ հաւաքին նպատակն է գործնականապէս երախտագիտութիւն յայտնել քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ինկլենտըրին, անոր ցուցաբերած բարեկամութեան եւ ապագային եւս շրջանի հայութեան կարիքներուն հասնելու պատրաստակամութեան համար։
Ապա, Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Նշան Քուլուքեան կարդաց Ինկլենտըրի կենսագրականը, որմէ ետք քաղաքապետական խորհուրդի անդամը խօսեցաւ շրջանի հայութեան հետ իր սերտ կապերուն մասին՝ ներկաներուն հետ բաժնելով իր փորձառութիւնները։
Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 669-5557 թիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.