ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի աշխատանքի նախարար Արտեմ Ասատրեան եւ Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան ողջունած են Հայ ամերիկեան բարեգործական հիմնադրամի նոր նախաձեռնութիւնը՝ ստեղծել մանկական նոր կեդրոն մը Գիւմրիի մանուկներուն համար, ի յիշատակ զոհուած Աւետիսեան ընտանիքին։
Կարիքաւոր երեխաներու համար ծրագրուած կեդրոնը, որ պիտի կրէ «Եօթ Հրեշտակաց Մանկական Օջախ» անունը, մաս կը կազմէ Հայ ամերիկեան ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու Ս. Ծնունդի հիմնադրամի 15ամեայ գործունէութեան։ Կը ծրագրուի շինարարական աշխատանքները աւարտել մինչեւ տարեվերջ։
Բարեգործական այս մանկական հաստատութիւնը պիտի գործէ անվճար հիմունքով, հիւրընկալելու համար հազարաւոր մանուկներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.