Նշելով, որ 16-19 Փետրուարի այցելութեան ընթացքին կայացած են հանդիպումներ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն, արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ «Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի իշխանութիւններ»ուն հետ, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Ճէյմս Ուորլիք եւ Փիեռ Անտրէ փոխանցած են, որ հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը հաստատած են իրենց նուիրուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Նախագահները նաեւ համաձայնած են ուսումնասիրել համանախագահներուն առաջարկները, որոնք կրնան ամրապնդել զինադադարը, նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Միջնորդները յայտնած են նաեւ, որ նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ քննարկած են կարգաւորման առնչուող յաջորդ քայլերը, ինչպէս նաեւ այս տարի աւելի ուշ ակնկալուող նախագահական հանդիպման նախապատրաստման հարցերը:
Այցելութեան ծիրին մէջ համանախագահները հանդիպում ունեցած են Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք անյայտ կորսուածներուն վերաբերող խնդիրները: Անոնք ընդգծած են այս առնչութեամբ ԿԽՄԿի հովանիին տակ տեղեկատուութիւն փոխանակելու վերաբերող 2014ի Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ կայացած նախագահներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան կարեւորութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.