ՌԻԱՏ, «Էն.Փի.Առ.».- Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները սկսած են Իրաքի հետ սահմանին վրայ, 600 մղոն երկայնքով պատնէշի մը կառուցման աշխատանքներուն:
Այս նախագիծի իրականացումը կ՛ընթանայ մեծ թափով եւ կրնայ իր աւարտին հասնիլ այս տարուան վերջաւորութեան:
«Սէուտական պատ»ը կազմուած պիտի ըլլայ աւանդական պատնէշներէ եւ հսկողութեան արդիական համակարգերէ:
Սահմանամերձ գօտիին վրայ պիտի տեղադրուի հսկողութեան 78 աշտարակ՝ օժտուած ռատարներու համակարգով:
Պատը պիտի ունենայ ընդյատակեայ ազդարար գործիքներ եւ գիշերային տեսողութեան սարքեր:
Պատին պիտի հսկեն միաժամանակ 3000 զինուորներ՝ զրահապատ մեքենաներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.