Թրքական CNNturk-ի համաձայն՝ գերմանական Die Zeit պարբերականը հարցազրոյց կատարած է թուրք նշանաւոր գրող Օրհան Փամուքի հետ, որ տարիներ առաջ յայտարարած էր, թէ դարասկիզբին Թուրքիոյ մէջ 1 միլիոն հայ եւ 30 հազար քիւրտ սպաննուած է. ատկէ ետք ան արժանացած էր Նոպէլեան մրցանակի, սակայն անկէ ետք դադրած էր ցեղասպանութեան մասին խօսելէ:
Die Zeit-ի լրագրողը յիշեցուցած է, որ Օրհան Փամուք 10 տարի առաջ յայտարարած էր 1 միլիոն հայերու կոտորածին մասին եւ հարցուցած, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչութեամբ ի՞նչ կ՛ուզէ ըսել թուրք գրողը։
Փամուք խուսափած է ցեղասպանութեան մասին խօսելէ եւ ըսած է. «Կ՛ուզեմ, որ Թուրքիան եւ յատկապէս ընդդիմութիւնը այդ նիւթը դիտարկեն խօսքի ազատութեան պարունակին մէջ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
kurd u turke mez hamar mek en.hreshner!