ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի հարկային ծառայութիւնը հրապարակած է 2014ի Յունուար-Դեկտեմբերին առաջին 1000 մեծ հարկատուներուն ցանկը:
Նախորդ տարի պետական պիւտճէին ամէնէն բարձր գումարը վճարած է «Գազպրոմ Արմէնիա» ընկերութիւնը՝ 42 միլիառ 812 միլիոն 641 հազար դրամ: Առաջին տասնեակի երկրորդ հորիզոնականին վրայ է «Ղ-տելեկոմը»՝ 28 միլիառ 891 միլիոն 812 հազար դրամով, որուն կը յաջորդեն «Ալեքս Գրիգ» (21 միլիառ 571 միլիոն 522 հազար դրամ), «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ» (19 միլիառ 940 միլիոն 784 հազար դրամ), «Արմէնիա տելեֆոն կոմպանի» (16 միլիառ 490 միլիոն 979 հազար դրամ) ընկերութիւնները:
Յաջորդ հնգեակը կը գլխաւորեն «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութիւնը, որ պետական պիւտճէին վճարած է 12 միլիառ 430 միլիոն 380 հազար դրամի չափով հարկ, այնուհետեւ «Ֆլեշ» ընկերութիւնը՝ 11 միլիառ 980 միլիոն 840 հազար դրամ, «Գրանդ-Տոբակօ հայ-կանադ.հ.ձ»՝ 10 միլիառ 465 միլիոն 5 հազար դրամ, «Սիփիէսօիլ քորփորեյշն»՝ 9 միլիառ 618 միլիոն 764 հազար դրամ:
Տասնեակը կ՛եզրափակէ «Ֆիլիպմորիս Արմէնիա» ընկերութիւնը, որ վճարած է 8 միլիառ 29 միլիոն 933 հազար դրամի չափով հարկ:
Նշենք, որ երրորդ եռամսեակին տասնեակը դարձեալ այս նոյն ընկերութիւնները գլխաւորած են, բացի «Ֆիլիպմորիս Արմէնիա»էն, որ 12րդ դիրքէն բարձրացած եւ մտած է առաջին տասնեակ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.