Բերձորի մէջ կատարուած բռնութեան ընթացքին լրագրողները ծեծէ ազատելու համար չէ ծառայած անոնց լրագրողի վկայականը, ոչ ալ ինքնաշարժներուն վրայ տեղադրուած PRESS մակագրութիւնը: «Նոյեան Տապան» գործակալութեան լրագրող Անոյշաւան Շահնազարեանը 3 Փետրուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ ան չունի կուսակցական որեւէ պատկանելութիւն, ինչպէս նաեւ Նախորհրդարանի անդամ չէ, ան երթին կը մասնակցէր պարզապէս իբրեւ լրագրող՝ տեղի ունեցածը լուսաբանելու համար։ Ան պատմած է, որ ինքնաշարժի երթին մասնակիցները մօտեցած են սահմանին, յետոյ սկսած են զրուցելու արդէն զիրենք սպասող ոստիկաններուն հետ: Վերջինները նշած էին, որ ֆէտայինները համաձայն չեն, որ իրենք նման ցոյց կայացնեն Արցախի մէջ:
Երբ լրագրողները դարձած են, որպէսզի վերադառնան դէպի ինքնաշարժ, այն ատեն ոստիկանները սկսած են ծեծի ենթարկելու զանոնք: Անոյշաւան Շահնազարեան ըսած է, որ ոստիկանները նոյնիսկ իր վիզէն քաշած ու տարած են տեսագրիչը: Լրագրողը պահանջած է, որ վերադարձնեն իր նկարահանող սարքը:
«Հիմնադիր խորհրդարանի» նկարահանող Արսէն Խեչոյեան եւս պատմած է, որ «ոստիկանների շրջանում կային օպերատորներ, որոնք նկարում էին շատ լաւ սարքերով ամէն կողմից»: Ան նշած է, որ ինք չէ հետեւած գործընկերներուն եւ, այսպէս ըսած, սահմանէն այն կողմ չէ անցած, այլ մնացած է նոյն տեղը, որպէսզի իրադարձութիւնները նկարահանէ նաեւ այդ վայրին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.