Անդրանիկ Դեղարարեանի 2014ին պատրաստուած պատմութիւնը կը սկսի 1915ին իր ծնողքին՝ Տիգրանակերտէն տեղահանութեամբ: 15 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող շարժապատկերը կը ներկայացնէ Անդրանիկի ծնողքին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ սովի պատճառով երկու փոքր եղբայրներուն մահը: Ապա կը ներկայացնէ իր ծնողքին Միջին Արեւելքի մէջ ապահով վայր մը գտնելու փնտռտուքը եւ ժամանակաւորապէս Հալէպի մէջ հաստատուիլը:
Շարժապատկերը նաեւ կը պարունակէ այդ ժամանակէն արխիւային նկարներ: Անդրանիկի հայրը, թրքական ռազմական դատարանին կողմէ մահուան դատապարտուելուն պատճառով, կը ստիպուի գիշերով փախուստ տալ Հալէպէն՝ ետին ձգելով իր կինը: Ան մինչեւ 1918 կ՛ապաստանի Ատանայի մէջ: Զինադադարի յայտարարութենէն ետք, ընտանիքը կը վերամիանայ Ատանայի մէջ, ուր կը ծնի ինք՝ Անդրանիկը, 4 Յուլիս 1921ին:
Ֆրանսայի կողմէ Ատանան Թուրքիոյ յանձնելը դարձեալ քաոս կը ստեղծէ եւ այդ քաղաքի հայերու կրկին անգամ տեղահանուելուն պատճառ կը դառնայ: Անոնք ի վերջոյ կը հասնին իրենց վերջին կանգառը՝ Պէյրութ: Մինչեւ օրս, ոչ ոք գիտէ երկու փոքր եղբայրներուն թաղուած տեղը անապատին մէջ:
Տէյվիտ Յովան շարժապատկերի քանատահայ բեմադրիչ է: Հայրը զինք փոքր տարիքէն ծանօթացուցած է ֆրանսական, իտալական եւ ռուսական ֆիլմարուեստի հսկաներու գործերուն: Շատ չանցած, ան բեմադրած է 8 միլիմեթր ժապաւէնով իր առաջին շարժապատկերը, եւ այդ արուեստը դարձած է իր կեանքի իմաստը:
Ան Տալասի Southern Methodist University-էն ստացած է թատրոնի MFA աստիճանը՝ մասնագիտանալով դերասանութեան ու բեմադրութեան մէջ: Ան իր ուսումը կը շարունակէ Իլինոյի համալսարանին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.